2014-12-12 12:40:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 12 դեկտեմբերի գործունէութիւնը` Հանդիպում Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եւ հաւատացեալներուն հետ։


(Ռ.Վ.12 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 12 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ` առաքելական պալատի ''Redemptoris Mater'' մարտան մէջ, տեղի ունեցած Յիսնակաց շրջանի աւանդական խորհրդածութիւններու երկրորդ նիստին, զոր կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Քանթալամեսսան, եւ որուն նիւթն էր` ''խաղաղութիւնը որպէս աշխատասիրութեան պարտականութիւն'' ներշնչուած երանութիւններէն` ''երանի խաղարարներուն''։
Սրբազան Քահանայապետը ապա իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Կէրարտ Միւլլէրը, Նուիրեալ ու առաքելական կեանքի ժողովի քարտուղար գերապայծառ Խօսէ Ռոտրիկէզ Քարպալլոն, Հոլանտայի մօտ առաքելական նուիրակ` եւ քիմիական զէնքի կանխարգիլումի կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Անտրէ Տիւփուի, ''Փրկութեան բանակ'' հաստատութեան մէկ պատուիրակութիւնը, Քոլոմպոյի Ասպետներու գերագոյն ասպետ` Փրոֆ. Քարլ Անտէրսոնը ու ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Անտիոքի Կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարք` Իգնատիոս Եուսէֆ Գ Եունանին, Ասորի եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն եւ հաւատացեալներուն ընկերակցութեամբ։
Ասորի Կաթողիկէ հասարակութեան արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներէն խնդրեց իր ողջոյնները եւ քաջալերանքի խօսքը փոխանցել համայն աշխարհի մէջ սփռուած Ասորի հաւատացեալներուն յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուողներուն, որոնք կ՝ապրին դժնակ եւ ողբերգական վիճակի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Անտիոքի Ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսական հայրերու սիւնհոդոսին զոր վերջերս տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ , ապա անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող վատ կացութեան որ պատճառ դարձած է հաւատացնելներու տեղահանումին, ու մատնանշեց, թէ սոյն երեւոյթը Ասորի Եկեղեցւող հոգեւոր իշխանութիւններուն հրաւէր մըն լուծումներ գտնելու հովուական խնամակալութեան ծիրէն ներս։ Մէկ կողմէն՝ մարտահրաւէր մըն է կառչած մնալու հաւատացեալներու աւանդութիւններուն , իսկ միւս կողմէ՝ հրաւէր` դիւրացնելու հաւատացեալներու ներդրումը տարբեր մշակոյթի պատկանող միջավայրերու մէջ ՝ միշտ ծառայելով եւ աշխատելով հասարակաց բարիքին համար։
Հաւատացեալներու արտագաղթը դէպի աւելի ապահով երկիրներ կ՝աղքատացնէ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, մարգարէներու եւ նահատակաց երկիրներ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յորդորեց Ասորի եկեղեցւոյ հայրերը համագործակցելու այլ տեղական եկեղեցիներու հետ միասին՝գոհացնելու համար իրենց հաւատացեալներու մարդկային կարիքները՝ ըլլայ անոնցը որոնք կը գտնուին հայրենիքին մէջ ըլլայ անոնց որ գաղթած են այլուր։
Ֆրանչիկսոս Պապը իր ճառին աւարտին քաջալերեց ներկաները յարատեւելու հովուական խնամակալութեան յանձնառումով ի սպաս Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծառայութեան, ապա, հայցելով Տիրամօր, եւ Անտիոքի Սուրբ Իգնատիոսի բարեխօսութիւնը, համայն Ասորի հասարակութիւններուն, կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներուն եւ հաւատացեալներուն, շնորհեց Իր առաքելական օրհնութիւնները ։







All the contents on this site are copyrighted ©.